2015-10-16 11:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապ` Պէտք են աղօթել չվարակուելու համար կեղծաւորութեան ''ախտէն''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Հարկաւոր է աղօթել որպէսզի չվարակուինք` կեղծաւորութեան ''ախտէն'' եւ փարիսեցիական այն վերաբերմունքէն որ շուքին տակ մնալով` սուտերով կը հմայէ''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին` Տոմուս Սանթա Մարթային մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին յորդորը։

''Կեղծաւորութիւնը անգոյն է։ Ստախօսութեան հմայանքով կը հրապուրէ'',  ըսաւ Սրբազան Հայրը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը ուր Յիսուս կը զգուշացնէ իր աշակերտները ''փարիսեցիներու թթխմորէն'' որ թէեւ փոքր է սակայն ախտի նման կը տարածուի ու կը վարակէ։

Կեղծաւորութիւնը  ապրելու, գործելու եւ խօսելու ձեւն է որ յստակ չէ.  Ոչ լոյս է եւ ոչ խաւար...այնպէս կը շարժի կարծես անվնաս ըլլար, օձի նման, անյստակութեան հմայքով։ Սուտի եւ արտաքինի հմայքով։

Կեղծաւոր փարիսեցիներուն Յիսուս կ՛ըսէր որ իրենք զիրենք կը տեսնէին ու անոնց համար հաճոյք էր երեւնալ որպէս կարեւոր անձինք... Յիսուս ապա կը հաստատէ, ըսաւ Քահանայապետը ''չկայ` ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ ոչ ալ գաղտնիք որ չի գիտցուի''։ Պահուըտիլը ոչ մէկ բանի կը ծառայէ, նոյնիսկ եթէ փարիսեցիներուն թթխմորը մարդիկը կը մղէ սիրելու խաւարը աւելի քան լոյսը։ Այս ախտաւոր թթխմորը սակայն կը տանի հիւանդութեան ու մահուան,  հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ խրախուսեց ներկաները չվախնալու որովհետեւ ''մենք Աստուծոյ առջեւ աւելի արժէք ունինք քան  ճնճղուկը։ Կայ Հայր մը որ մեզ կը սիրէ ու մեզի խնամք կը տանի''։

Միակ ճանապարհ մը կայ վարակումէն հեռու մնալու համար, դիտել տուաւ ապա քահանայապետը, Յիսուսի ցոյց տուած ճանապարհն է` աղօթել։ Աղօթել մշտատեւ։ Տէր պահպանէ քու Եկեղեցիդ, որուն մաս կը կազմենք ամէնքս։ Պաշտպանէ ժողովուրդդ որովհետեւ դուն կը սիրես լոյսը, լոյսը որ կու գայ Հօրմէն, Քու Հօրմէդ որ քեզ ուղարկեց մեր փրկութեան համար։ Պահպանէ ժողովուրդդ որպէսզի կեղծաւոր չդառնայ, որպէսզի չիյնայ կեանքի պղտորութեան մէջ։ Պահպանէ ժողովուրդ որպէսզի ունենայ ուրախութիւնը գիտակցելու թէ Հայր մը ունինք որ մեզ սիրէ անհուն սիրով''։








All the contents on this site are copyrighted ©.